ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը, որ մասնակցութիւն բերաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT)։ Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութենէն ներս Քիմ Քարտաշեանը ողջունելու  համար։ Վարչապետը շեշտեց, որ այսօր Հայաստանի եւ իր կառավարութեան համար շատ կարեւոր ուղղութիւն մըն է կանայք քաջալերելը եւ զանոնք տնտեսական գործունէութեան մղելը։

Իր կարգին, Քիմ Քարտաշեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին հիւրընկալութեան համար։ «Ես այստեղ տեսայ մեծ ուշադրութիւն կանանց նկատմամբ եւ գործարարութեամբ զբաղող կանայք քաջալերելու ուղղութեամբ։ Իսկապէս շատ ուրախ եմ այս բանը տեսնելով», ըսաւ Քիմ Քարտաշեան եւ աւելցուց, որ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքով։ Ան մտադրութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանէ ներս տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Քիմ Քարտաշեան եւ իրեն ուղեկից ընտանիքի անդամները երէկ միասնաբար այցելեցին Գառնի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019