«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵԼՈՅԹՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՓԼՈՎՏԻՒԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Պուլկարիա։ Տեղւոյն «Արաքս» հայկական հիմնադրամին հրաւէրին ընդառաջ, համոյթը հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։ 16 հոկտեմբեր 2022 թուականին նախատեսուած է ձեռնարկը՝ Փլովտիւի «Պորիս Խրիսթով» կեդրոնին մէջ։ «Մարալ» համոյթը 45 հոգիէ բաղկացեալ մեծ խումբով մը պիտի ուղեւորուի Փլովտիւ։ Համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազն ալ մաս պիտի կազմէ այս ծրագրին։
Դէպի Փլովտիւ ուղեւորութեան ընդառաջ մարալցիները արդէն խտացուցած են իրենց նախապատրաստական աշխատանքը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի վերահսկողութեան ներքեւ տղաքը նախանձախնդիր աշխատանք կը տանին, որպէսզի մօտալուտ ձեռնարկի ընթացքին թէ՛ արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ թէ՛ լաւագոյնս ներկայացնեն մեր համերգը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան այս առթիւ մեզի յայտնեց, որ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր կոչման, համապատասխան պատասխանատուութեան զգացումով կը շարունակէ աշխատիլ եւ մօտալուտ այս ուղեւորութիւնն ալ խումբի առաքելութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ կը համարուի։
Հարկ է նշել, որ ամառուան շրջանէն ի վեր մարալցիները կը պատրաստուին այս ուղեւորութեան եւ վերջին փորձերուն ընթացքին խանդավառութիւնը արդէն հասած է գագաթնակէտին։