ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ
Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։ D խմբաւորումը գոյացաւ հինգ ազգային հաւաքականի մասնակցութեամբ։ Այդ հաւաքականներն են՝ Թուրքիա, Հայաստան, Խրվաթիա, Ուէլս եւ Լեթոնիա։ Այսպէսով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականները անգամ մը եւս նոյն խմբաւորման մէջ յայտնուեցան, ուստի սա կը նշանակէ, որ յառաջիկային երկու երկիրներու ընտրանիները պիտի ունենան հանդիպումներ։ Բնականաբար, այդ հանդիպումներէն մէկը Թուրքիոյ, իսկ միւսը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ։
Նկատի ունենալով, որ շուրջ 15 տարի առաջուան ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ բարձր մակարդակի շփումներու առիթ հանդիսացած էր, այժմ արդէն ներկայ վիճակահանութեան արդիւնքն ալ յաւելեալ ուշադրութեան առարկայ դարձած է այս տեսանկիւնէն։