ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Սթրազպուրկի մէջ յայտարարեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, մօտաւոր ապագային Թուրքիա պիտի այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ ինք եւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը յառաջիկային նախապատրաստական աշխատանքները պիտի համակարգեն, որպէսզի տեղի ունենայ այս այցելութիւնը։
Սթրազպուրկի նոյն ելոյթին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարութիւններ ալ ըրաւ հայկական սփիւռքին մասին, ինչ որ արժանացած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան։ Սթրազպուրկի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսութեան մէջ տեղացի թուրքերու հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին նախարար Չավուշօղլու ըսած է հետեւեալը. «Երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ, պէտք է քիչ մըն ալ ցոյց տանք մեր միասնութիւնը։ Մենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ստեղծեցինք թուրք-ամերիկեան ղեկավար կոմիտէ մը, որ շատ արդիւնաւէտ աշխատանք սկսաւ տանիլ մեր երկրի դէմ հայկական սփիւռքի զրպարտութիւններուն դէմ։ Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այս կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ ամրապնդելու համար։ Մենք կրնանք աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ Ֆրանսայի քաղաքականութեան մէջ։ Դժբախտաբար, այստեղ ալ կայ հայկական սփիւռք մը եւ այս հայկական սփիւռքին մէկ մասը բարի նպատակներ չունի։ Ան դէմ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Մենք կը խօսինք սփիւռքի մը մասին, որ թշնամական վերաբերմունք ունի լաւ յարաբերութիւններու հաստատման դէմ։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ աւելի կազմակերպուած ձեւով ձեր ձայնը բարձրացնէք այս սփիւռքին դէմ»։