ՎՃՌԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 92-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ՝ առարկայ դառնալով համազգային ուշադրութեան։ Այս համագումարը համահայկական հարթութեան տեսակէտէ իսկապէս շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցն է եւ այս հանգամանքը ինքնին բաւարար է, որ անոր ընդհանուր ժողովը արդէն կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Բաց աստի, 92-րդ ընդհանուր ժողովը ունէր առանձնայատկութիւն մը։ Այդ մէկը գումարուեցաւ Երեւանի մէջ՝ իսկապէս բարդ ժամանակաշրջանի մը զուգադիպելով։ Հայաստանի այժմու նուրբ իրավիճակին մէջ այս համագումարին Երեւանի մէջ կազմակերպուիլը ինքնին զօրակցութեան նշանակութիւն ունէր եւ համազգային համախմբման հետամուտ պատգամ մը կը բովանդակէր։

92-րդ ընդհանուր ժողովը առիթ ընձեռեց, որպէսզի ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած մեծ ընտանիքը հերթական անգամ ընդգծէ իր վճռակամ յանձնառութիւնը՝ մասնաւորապէս հայրենակերտման առկայ մարտահրաւէրներու եւ գոյաբանական ներկայ ճակատագրական պայքարներու մթնոլորտին մէջ։ Այս փուլին ՀԲԸՄ առկայ պատմական խաչմերուկին վրայ իր աշխարհատարած ցանցով կը դիրքաւորուի՝ համազգային միաբանութեան ամրապնդման ի նպաստ։ Ընդհանուր ժողովի բովանդակած ամբողջ պատգամը եւ այսօրուան իրադրութեան վերաբերեալ ՀԲԸՄ-ի բիւրեղացած դիրքորոշումը արդէն լաւագոյն արտայայտութիւնը գտած են՝ համագումարի աւարտին հրապարակուած եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ։

92-րդ ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնի երդիքին տակ։ Մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքի ներկայացուցիչները՝ մասնաւորապէս պատգամաւորներ։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Թէ՛ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ թէ՛ Նորին Սրբութիւնը համագումարի ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով՝ խօսք ուղղելով ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի ղեկավարութեան եւ բոլոր անդամներուն։

Համագումարի ընթացքին արտայայտուեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, «ՀԲԸՄ-Հայաստան»ի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանէն Սեմ Սիմոնեան, Արտա Յարութիւնեան, ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի քարտուղարութենէն Նաթալի Կապրիէլեան եւ այլ դէմքեր։ Ընդհանուր ժողովը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի նախորդած ժամանակաշրջանին ծաւալուած աշխատանքները արժեւորուին եւ այդ ամբողջին մէջ առանձնակի գնահատութեան արժանի դարձած դէմքերուն պարգեւներ յանձնուին։ Այդ պարգեւատրեալներու շարքին էին մանաւանդ՝ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու Երեւանի մասնաճիւղի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի պատասխանատու քարտուղար Անիթա Անսէրեան։

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովը ծաւալուն եւ բազմակողմանի աշխատանքային մթնոլորտի մը մէջ գումարուեցաւ։ Ընդհանուր ժողովի օրուան սկիզբին ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու գործադիր մարմինը ժողով մը գումարեց։ Աւելի վերջ կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ աշխարհի չորս ծագերէն ընդհանուր ժողովին առթիւ Երեւան ժամանած պատգամաւորներու, շրջանային կամ տեղական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն միջեւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ ընթացաւ այս փուլը, որու ընթացքին ճոխ տեսանիւթերու ուղեկցութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան միութեան գործունէութեան շուրջ։ Աւելի վերջ աշխատանքները շարունակուեցան աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ։ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի մասնակիցները բաժնուեցան երեք խումբի։ Այս երեք խումբերը նախատեսուած էին Ամերիկայի ցամաքամասի, Եւրոպայի ցամաքամասի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Այս դասաւորումներուն մէջ ՀԲԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու կամ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները աշխատանքային ընդհանուր արժեւորումներ կատարեցին՝ հաշուի առնելով տեղական առանձնայատկութիւնները եւ օրակարգային նմանութիւնները։ Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի կառուցուածքին մէջ Հայաստանի մասնաճիւղն ալ կը գործէ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր հովանոցին ներքեւ՝ հաշուի առնելով աշխարհագրական մօտիկութեան նման զանազան հանգամանքներ։ Այս բոլորէն վերջ է, որ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին օրինական բոլոր մարմինները արդէն կատարեցին իրենց աշխատանքը, նաեւ ձեւաւորուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան կազմը, որ յառաջիկայ շրջանին ՀԲԸՄ-ի ղեկը պիտի ստանձնէ։

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն, տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններով եւ առիթ հանդիսացաւ լաւատեսութեան, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին կարելի դառնայ առկայ խնդիրներու յաղթահարումը եւ հայութեան առջեւ նոր շրջան մը բացուի՝ Հայաստանի դիմագրաւած գոյութենական դժուարութիւններու յաղթահարումով։

Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներու աւարտին, Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Բացի համագումարի մասնակիցներէն, այս պաշտօնական ընթրիքին մասնակցեցան այս օրերուն Երեւանի մէջ գտնուող զանազան սփիւռքահայ բարերարներ, սփիւռքեան զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր, որոնք եկած էին միանալու ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքի անդամներուն։ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Աշխատանքային ծրագրի աւարտին, երէկ առաւօտ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ համագումարի բոլոր մասնակիցները Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, որուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան ՀԲԸՄ-ի երջանկայիշատակ բոլոր հիմնադիրները, նախագահները, բարերարները եւ նուիրեալները։ Այսպէսով եզրափակուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովի հնգօրեայ աշխատանքային ծրագիրը, որու գործադրութիւնը ընդհանուր առմամբ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ արդէն հիմա Բարեգործականի մեծ ընտանիքը կը վերադառնայ ընթացիկ աշխատանքի՝ 92-րդ ընդհանուր ժողովին վերանորոգած ըլլալով իր վճռակամութիւնը։

  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2022