ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴԵՍՊԱՆ

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մեծ աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան նշա­նա­կուե­ցաւ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի բա­րի կամ­քի ազ­գա­յին դես­պան Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան՝ Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­ւա­նի մէջ տե­ղա­կայուած Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Այս առ­թիւ, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի եւ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նին այդ կո­չու­մը շնոր­հուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մօտ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­նիա Ռա­թո­չա­յի կող­մէ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան, Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան եւ պա­տա­նի մար­զիկ­ներ։ Կո­չու­մը ստա­նա­լէ վերջ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին ընտ­րա­նիին կող­մէ։ Խմբա­պետ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նին նուի­րեց հա­ւա­քա­կա­նի մար­զա­շա­պի­կը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016