ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՔՍԱՆ ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ա­պու Տա­պիի մէջ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ շփում­ներ ու­նե­ցաւ՝ դէ­պի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ ձեռ­նար­կած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­պու Տա­պիի Է­մի­րու­թեան թա­գա­ժա­ռանգ, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րու գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Զա­յիտ Էլ Նա­հեա­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։ Ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու մասնակ­ցու­թեամբ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Էլ Նա­հեան պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մըն ալ սար­քեց ի պա­տիւ Սերժ Սարգ­սեա­նի։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց կող­մե­րու մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։ Բա­ցի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րէն, անդ­րա­դարձ կա­տա­ր-ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ճգնա­ժա­մին, այդ տա­րած­քաշր­ջա­նի առ­կայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան շուրջ եր­կու տաս­նեակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն խթա­նել երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Կը հաղորդուի, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործարար շրջանակներն ալ ներկայիս հետաքրքրութիւն կը ցու­ցա­բերեն Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ։

Միւս կող­մէ, Ա­պու Տա­պիի մէջ Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց նաեւ Մեծ մզկիթ, ինչ­պէս նաեւ Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016