ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի մա­հուան 78-րդ տա­րե­լիցն է այ­սօր։ Բո­վան­դակ Թուր­քիան Մեծն Ա­թա­թիւր­քը կ՚ո­գե­կո­չէ՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ իր թո­ղած ա­ւան­դին տէր կանգ­նե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ։ Թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ան կը վեր­յի­շուի մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Բնա­կա­նա­բար, ամ­բողջ երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է իր յու­շա­դամ­բա­նին՝ «Ա­նըթ­քա­պիր»ի վրայ, ուր այս ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Ա­ռա­ւօտեան ժա­մը 09.05-ին ամ­բողջ երկ­րին մէջ յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հուե­ցաւ Մեծն Ա­թա­թիւր­քի հա­մար։ Այդ ժա­մը թէեւ իր հրա­ժեշ­տի պա­հը կը խորհր­դան­շէ, սա­կայն ան­ցեալ 78 տա­րի­նե­րը ար­դէն ե­կած են ա­նոր վե­րագ­րել բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­մաստ մը, ո­րով­հե­տեւ այդ նոյն պա­հուն Թուր­քիոյ մէջ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը կը նոյ­նա­նայ Մեծն Ա­թա­թիւր­քի յի­շա­տա­կին հետ։

Ծա­նօթ է, որ Ա­թա­թիւրք 10 Նո­յեմ­բեր 1938 թուա­կա­նին կնքած էր մահ­կա­նա­ցուն՝ իր իսկ հիմ­նադ­րած Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը տասն­հինգ տա­րի ղե­կա­վա­րե­լէ վերջ։ Անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ժո­ղո­վուր­դը ի­րեն նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան հետ նոյ­նա­ցու­ցած է ան­զի­ջում սկզբուն­քայ­նու­թիւ­նը՝ երկ­րի ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու աշ­խար­հա­վար դրու­թեան, պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան բնոյ­թին նկատ­մամբ, յա­րա­տեւ զար­գաց­ման ու վե­րել­քի ու­ղիի մը որ­դեգ­րու­մով հան­դերձ։

Մեծն Աթաթիւրք միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ մէջ հասարակական ընկա­լում­ներուն տեսակէտէ մեծագոյն կերպարն է՝ ազգային կամքին վստահելու բացառապէս այդ յենարանով ձեռքբերումներու հասնելու եւ անոր նկատմամբ անվերապահ յարգանք ցուցաբերելու տեսանկիւնէն։ Հետեւաբար, 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին այդ կերպարը այսօր կ՚արժեւորուի առաւելագոյնս բարձր եւ Աթաթիւրքի ոգե­կոչումը կը վերածուի անկրկնելի առիթի մը՝ երկրէ ներս ազգային կամքի գե­րա­կայութեան անվիճելիութեան տեսանկիւնէն։

Հարկ է նշել, որ Ա­թա­թիւր­քի մա­հուան տա­րե­լի­ցին՝ Նո­յեմ­բե­րի 10-ին առ­թիւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի ա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րը հրա­պա­րա­կած են նաեւ պատ­գամ­ներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016