«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐՈՎԻ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը հերթական անգամ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի գործերէն մին։ Պոլսահայ արդի գրականութեան վրայ հետք թողած անուններէն մին է Զաւէն Պիպեռեան, որու գրական ժառանգութիւնը նորովի կ՚արժեւորուի այս նոր գիրքով։ Արդարեւ, «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջին տասնամեակներուն հետամուտ է կարգ մը գրողներու թողած աւանդին նկատմամբ բացառիկ ուշադրութիւն ցուցաբերելու եւ անոնց շարքին կը գտնուի Զաւէն Պիպեռեան։ Այս նոր գիրքն ալ այդ հետեւողականութեան տրամաբանական շարունակութիւնը կը համարուի։ 

«Արաս»էն այս անգամ լոյս տեսած Պիպեռեանի գիրքը թրքերէն է, կը կոչուի «Mahkûmların Şafağı»։ Հեղինակի ինքնակենսագրութիւնն է այս մէկը։ 2019 թուականին «Արաս» լոյս ընծայած էր Պիպեռեանի «Car vivre, c՚était se battre et faire l՚amour» ֆրանսերէն գործը, որու խմբագիրը եղած էր Էրվէ Ժորժըլէն։ Ներկայ գիրքը այդ մէկուն թրքերէն թարգմանութիւնն է։ Տենիզ Քուրեթայի կողմէ իրականացուած է թարգմանութիւնը, իսկ գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է՝ «Արաս»ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Խմբագիրները եղած են Սաատէթ Էօզէն եւ Եթքին Քուրթտարճան։ Կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ։

Ինչպէս միշտ, խնամեալ հրատարակութիւն մըն է այս մէկը, որուն կցուած են նաեւ շարք մը տեսանիւթեր, որոնք ոչ միայն վառ դրուագներ կը ցոլացնեն Զաւէն Պիպեռեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին, այլեւ խորհրդանշական բանալիներ կը մատուցեն անոր անցած ուղիին, աշխարհահայեացքին, մարդկային առաքինութիւններուն ու կիրքերուն շուրջ։ Տեսանիւթերու շարքին կը գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախկին՝ Ղալաթիոյ խմբագրատուներէն մէկուն մէջ նկարահանուած դրուագ մը, ուր Զաւէն Պիպեռեան կ՚երեւի թերթիս հանգուցեալ ընդհանուր տնօրէն Արա Գօչունեանի, Մկրտիչ Հաճըեանի, Զարեհ Նեմցէի, թերթիս երախտաշատ անմոռանալիներէն Գրիգոր Խիւտավէրտեանի եւ Յարութիւն Մամուլեանի հետ։ Արդարեւ, Զաւէն Պիպեռեանի կեանքի եւ ստեղծագործական ճանապարհը յաճախ խաչաձեւուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ, իր կոթողային գործերէն ոմանք թերթիս սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած են՝ որպէս թերթօն։

Զաւէն Պիպեռեանի գրական ժառանգութիւնը ժամանակներու մէջ կը վերարժեւորուի եւ բացառիկ նշանակութիւնով նորովի իմաստ կը ստանայ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ, նաեւ առիթ կ՚ընձեռէ պատկերացնելու թրքահայ կեանքի ընդհանուր ընթացքը, հաւաքան երթի եղափոխութիւնները եւ մտայնութեան խմորումները։

«Արաս»ի՝ այս անգամուան Զաւէն Պիպեռեանի գիրքն ալ վստահաբար առարկայ դառնայ գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021