ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՓԱՐԻԶ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Իր ուղեւորութիւնը կը սկսի այսօր։ Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին, որու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։ Նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս շփումներուն առընթեր, Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Փարիզի Խաղաղութեան 4-րդ համաժողովի բացման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021