ՈՐԵՒԷ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՉԿԱՅ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է օգտուի պատմական հնարաւորութենէն ու պատասխանէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հնչեցուած խաղաղութեան կոչերուն։ Հրադադարի առաջին տարուան համար Ատրպէյճան այցելութեան մեկնած Հուլուսի Աքար իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որու բացման հետամուտ են Պաքուն եւ Անգարան։ Ըստ Աքարի, այդ փոխադրութեան երթուղին սպառնալիք չի ներկայացներ որեւէ երկրի շահերուն համար։ «Երկու երկիրները պէտք է երկխօսութիւն վարեն այս խնդրին շուրջ։ Անհրաժեշտ է աջակցիլ այդ գործընթացին ու ոչ թէ կանխել զայն։ Համագործակցութիւնը կ՚ապահովէ բարօրութեան աճ եւ այդ գործընթացը չի սահմանափակուիր Ատրպէյճանով։ Դրական ազդեցութիւն կը զգան նաեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները», ըսաւ Աքար եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանային զարգացման համար լաւագոյն ներդրումը պիտի դառնայ համագործակցութիւնը տարածաշրջանի իսկ երկիրներուն՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021