ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան Համպուրկի մէջ։ Ծանօթ է, որ երկու նախարարները այնտեղ միասնաբար կը մասնակցէին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հաւաքին։ ԵԱՀԿ-ի Նախարարաց խորհուրդի 23-րդ ժողովի շրջանակներէն ներս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Նալպանտեան-Մամէտեարով տեսակցութիւնը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները Համպուրկի այս քննարկման օրակարգին կամ բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չեն փոխանցած։
ԵԱՀԿ-ի ժողովին մասնակցելու առընթեր Նալպանտեան Համպուրկի մէջ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի քննարկումներ։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման ուղղեալ քայլերուն։ Անոնք համակարծիք էին, որ ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի յառաջ մղման համար անհրաժեշտ է իրականացնել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։
Բաց աստի, Սէրկէյ Լաւրով Համպուրկի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս դիտորդներու տեղակայման վայրին շուրջ տակաւին ընդհանուր համաձայնութիւն մը չէ գոյացած։ «Մենք վաղուց մեկնաբանած ենք ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններու համատեսքին մէջ», ըսաւ Լաւրով։ Համպուրկի մէջ ռուս նախարարը յիշեցուց, որ Վիեննայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած էին համաձայնութիւններ։ Անոնցմէ առաջին կը վերաբերի հրադադարի վերահաստատման։ «Կրակը դադրեցուած է, սակայն, դժբախտաբար, այսօր այդ տեսանկիւնէն տակաւին կան խախտումներ», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, թէ համաձայնութիւն ապահովուած է ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւը բարձրացնելու հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, դիտորդներու թիւի բարձրացման հարցի պարագային կայ համաձայնութիւն, սակայն ոչ՝ անոնց տեղակայման վայրի պարագային։
Համպուրկի մէջ Նալպանտեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Սպանիոյ, Խրղըզիստանի, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին եւ ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչին հետ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։