ՀԱՒԱՅԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ 90 ՍՄ. ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՄԲ ՁԻՒՆ ԿՈՒՏԱԿՈՒԱԾ Է
Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հաւայեան կղզիներուն մէջ մրցանշային քանակութեամբ ձիւն տեղացած է: «Պի.Պի.Սի.»ի հաղորդումով՝ նահանգի որոշ շրջաններուն մէջ ձիւնի ծածկոյթի բարձրութիւնը կը հասնի 90 սանթիմեթրի:
Օդերեւութաբաններու համաձայն, ձիւնը արեւադարձային վայրերուն մէջ կը պատահի, սակայն այսպիսի վայրերուն մէջ չափազանց հազուագիւտ երեւոյթ է:
Ամենէն ուժեղ տեղումները արձանագրուած են կղզիի երկու բարձրագոյն գագաթներուն՝ Մաունա-Քէա եւ Մաունա-Լոա հրաբուխներուն շուրջ: Երկու լեռներու բարձրութիւնն ալ կը գերազանցէ 4000 մեթրը: Այս լեռնալանջերը բազմաթիւ լեռնադահուկորդներու համար նախընտրելի հանգստավայրերէն են:
Գրեթէ զերոյական տեսանելիութեան պատճառով տեղւոյն բնակչութիւնը յորդորած են դուրս չգալ տուներէն: Կղզիի միւս շրջաններուն մէջ յորդառատ անձրեւ տեղացած է: