ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔ

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ «Մուրացան» հիւանդանոցը համալրուած է նոր սարքաւորումներով։ Համալսարանի համալիրին մաս կը կազմէ այս հիւանդանոցը, որու թունաբանութեան ու մանկական վերակենդանացման բաժանմունքին համար ապահովուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած մասնաւոր խցիկ մը։ Բարձր օդային ճնշումով, թթուածինի մատակարարման միջոցաւ բուժումներու անհրաժեշտութեան պարագային պիտի օգտագործուի այս նոր սարքաւորումը։ Կը ծրագրուի յառաջիկային հիւանդանոցէն ներս ստեղծել համապատասխան՝ նոր ծառայութիւն մը, որ մաս պիտի կազմէ սուր թունաւորումներու ընդհանուր ծառայութեան մէջ։

Տուեալ բուժարանի ղեկավար Մարինէ Գրիգորեան յայտնեց, որ ամերիկեան այս նոր սարքը պիտի օգտագործուի՝ մանաւանդ կազէ թունաւորուած երեխաներու բուժման համար, ինչպէս նաեւ այլ թունաւորումներու պարագային։ Ամբողջ աշխարհէ ներս լայն տարածում ունի այս դարմանման միջոցը, որու շնորհիւ մարմնի բջիջներուն թթուածին կը հասցուի։

Համալսարանական հիւանդանոցէն ներս այս սարքաւորումը համապատասխան որոնումով բժիշկ-մասնագէտի կողմէ պիտի օգտագործուի։ Այսպէսով «Մուրացան» հիւանդանոցը պիտի օժտուի պարոթերափիներ իրականացնելու հնարաւորութիւնով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021