ՈԼՈՐՏՆԵՐ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Տոհայի մէջ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էլ Թանի հանդիպման ընթացքին բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտն ու շինիչ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Սարգսեանի հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ նշեց, որ Երեւան հետաքրքրուած է զանազան ոլորտներէ ներս Արաբական ծոցի երկիրներու հետ համագործակցութեան խորացման։ Այս համատեսքին մէջ Քաթար Հայաստանի կարեւոր գործընկերներու շարքին է։ Արմէն Սարգսեան տեղեկութիւններ ներկայացուց Հայաստանի առկայ իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն ու մասնաւորապէս՝ մարդասիրական խնդիրներուն շուրջ։

Զրուցակիցները ընդգծեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայման եւ ամրապնդման ուղղեալ պատրաստակամութիւնը։ Անոնք անդրադարձան նախորդ հանդիպումներու ընթացքին գոյացած պայմանաւորուածութիւններուն, որոնց իրականացումը դանդաղած էր պատերազմի եւ համավարակի հետեւանքով։ Ուստի, ընդգծուեցաւ այդ բոլորը հնարաւորինս արագ կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը։ Նախագահն ու էմիրը համոզուած են, թէ Հայաստան-Քաթար յարաբերութիւնները յառաջ մղուին՝ յատկապէս տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, գիտակրթական նորարարութեան, ելմտադրամատնային, զբօսաշրջութեան, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի ոլորտներէն ներս։ Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը ձգտի դառնալ բարձր թեքնոլոժիներու, նորարարութիւններու յառաջատար երկիր մը։ Այս ամբողջին մէջ որդեգրուած նպատակն է Հայաստանէ ներս զարգացնել նորագոյն թեքնոլոժիներն ու արհեստական բանականութիւնը։ Քաթար եւս կրնայ կարեւոր գործընկեր մը դառնալ այս ուղղութեամբ։ 

Արմէն Սարգսեան Տոհայի հանդիպման ընթացքին դիտել տուաւ, որ զանազան ոլորտներէ ներս Հայաստան ունի ներդրումային մեծ հնարաւորութիւններ։ Հայակական կողմին համար ողջունելի կ՚ըլլայ Քաթարի ընկերութիւններու հետաքրքրութիւնը երկրի տըն-տեսութեան զանազան ոլորտներու նկատմամբ։ Արհեստական բանականութիւնը, գիտութիւնը, ելմտադրամատնային համակարգը, կրթութիւնն ու մշակոյթը կը հանդիսանան այն բնագաւառները, ուր երկկողմանի համագործակցութիւնը կրնայ աւելի խորանալ։ Նախագահն ու էմիրը խօսեցան նաեւ «Պարտք՝ ի նպաստ կլիմայի» ծրագրի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան շուրջ։

Արմէն Սարգսեան եւ Էլ Թանի անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021