ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԴԷՊՔԵՐ ՈՒ ԿՈՉԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Կը հաղորդուի, որ երէկ դէպքեր պատահած են այս անգամ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները հերթական սադրանքները իրականացուցած են։ Տարբեր տրամաչափի զինատեսակներով անոնք խտացեալ կրակ բացած են Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Հայաստանի բանակն ալ պատասխան գործողութիւններու դիմած է։ Նախարարութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու փոխադարձ հրաձգութիւնը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւելէ վերջ դադրած է։ Դէպքերուն հետեւանքով երկու հայ զինուոր վիրաւորուած է։

Յարատեւ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն կ՚ակնկալէ սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնաժողովի շուտափոյթ ձեւաւորումը։ Իր խօսքով՝ Սոչիի վերջին գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները դարձած են Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութիւններու՝ իրավիճակի կարգաւորման ապագայ քայլերու պատրաստակամութեան հաստատումը։ «Մենք աշխուժօրէն կ՚աշխատինք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման ուղղութեամբ՝ ներառեալ սահմանային վէճերու կարգաւորումն ու Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանէ ներս բոլոր փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղեալ եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս ալ ջանքերը նոյնպէս ընթացքի մէջ են։

Միեւնոյն ժամանակ, բանբերը կոչ ուղղեց զերծ մնալ այնպիսի յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սրման։ «Մենք յաճախ ստիպուած ենք մեկնաբանել կողմերու յայտարարութիւնները։ Մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, որ անհրաժեշտ է զերծ մնալ այնպիսի յայտարարութիւններէ կամ գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ բարձրագոյն մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման դանդաղեցման, կրնան յանգեցնել հակամարտութեան սրման եւ իրավիճակի խորացման», նշեց Զախարովա՝ պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Զանգեզուրի միջանցքի բացման ժամկէտներու յստակեցման վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութեան։ Զախարովա աւելցուց, որ Ռուսաստան՝ որպէս միջնորդ երկիր, համալիր գործողութիւններ կ՚իրականացնէ, որպէսզի թէ՛ համաձայնութիւնները իրականացուին եւ թէ իրավիճակը տարածաշրջանէ ներս չխորանայ, թէեւ այդ բանը հնարաւոր չէ երաշխաւորել, որովհետեւ խօսքը վաղեմի հակամարտութեան մը կը վերաբերի։

Զախարովայի երէկուան յայտարարութիւններէն առաջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներն ալ հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով անընդունելի համարուած էր ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը՝ սահմանային վէճերու լուծման հարցին շուրջ։ Եռանախագահներուն անունով այս յայտարարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ էր։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ աջակցութիւն յայտնուեցաւ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը վերականգնուի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Անոնք կոչ ուղղեցին նաեւ, որպէսզի կեանքի կոչուին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները։ Համանախագահ երկիրները մտահոգութեամբ արձանագրեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին դէպքերը։

Միւս կողմէ, մինչ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ գերիներու խնդիրը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել, երէկ Երեւանէն ուշագրաւ լուրեր հասան այս կապակցութեամբ։ Այսպէս, վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին վերադարձուած տասն գերիներէն հինգին մեղադրանք առաջադրուեցաւ Քննչական կոմիտէին կողմէ ու կը պահանջուի անոնց ձերբակալուիլը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021