ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի Նկարիչներու տունը ներկայ տարեվերջին գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացած է։ Այսպէս, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը՝ «Սալոն 2021» անուանումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միութեան անդամներու բազմաբնոյթ գործերը կը ցուցադրուին այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։ Այցելու գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է աւելի քան 150 ստեղծագործութիւն՝ քանդակներ, կտաւներ, կրաֆիքի գործեր, տեքորաթիւ-կիրառական արուեստ եւ այլն։ Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան մատնանշեց, որ ներկայացուած նմոյշները ստեղծագործուած են տարբեր շրջաններու մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021