ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ դէպի Անգարա պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուէն, հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։
Այս օրերուն Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ դեսպաններու խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է իններորդ անգամ։ Ճանելիծէ մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ այս հաւաքին։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, թէ իր վրացի պաշտօնակցին Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալուիլը ուրախութիւն կը պատճառէ իրենց։ Ճանելիծէի հետ տեսակցելէ վերջ ան բացատրութիւններ տուաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Չավուշօղլու լրագրողներուն յայտնեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Թուրքիա-Վրաստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի յառաջիկայ ժողովին նախապատրաստութիւնները։ Այդ նիստին տանտէրը պիտի ըլլայ վրացական կողմը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի խօսքերով, Թուրքիա լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ որպէսզի Վրաստան անդամակցի ՆԱԹՕ-ին։ Անգարա յարմար կը նկատէ, որպէսզի Եւրոմիութիւնը ժամ առաջ գործադրութեան դնէ՝ Վրաստանի քաղաքացիները մուտքի արտօնութենէ զերծ պահելու համաձայնութիւնը։ Չավուշօղլուի խօսքերով, Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի բացումն ալ պիտի կատարուի այս տարի՝ վերոյիշեալ գագաթաժողովին շրջագծով։
Չավուշօղլու-Ճանելիծէ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրները։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած են Սեւ ծովն ու Սուրիոյ ճգնաժամը։
Իր կարգին, Միխէյիլ Ճանելիծէն ալ ուրախութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ գտնուելուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա եւ Վրաստան լաւ բարեկամներ են եւ ռազմավարական գործընկերներ։ Անոնց համագործակցութիւնը խարսխուած է հասարակաց շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Քաղաքական գետնի վրայ երկու երկիրները ունին կատարեալ յարաբերութիւններ, իսկ տնտեսական գետնի վրայ համագործակցութիւնը կը զարգանայ։ Ճանելիծէ ընդգծեց, որ Թուրքիա Վրաստանի թիւ մէկ առեւտրական գործընկերն է։ Հիւր նախարարի խօսքերով, կողմերու գործընկերութիւնը կը համարուի օրինակելի։
Միխէյիլ Ճանելիծէ Անգարայի մէջ այցելեց նաեւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։