ԱՄՆ-Ի ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ ԵՐԷԿ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ֆիլիփ Քասնըթ երէկ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Թուրքիա այս առթիւ դիւանագիտական միջոցներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ պարագային առնուած վերջին կարգ մը քայլերուն շուրջ։

Հակառակ, որ Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) մատնուած է պարտութեան՝ ԱՄՆ կը շարունակէ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել ի նպաստ ՓԵՏ-ԵՓՏ-ին, որ ՓՔՔ-ի շառաւիղն է։ ԻՇԻՊ-ի վերականգնումը կանխելու պատճառաբանութիւնով՝ ամերիկեան կողմը ներկայիս կը պատրաստուի ստեղծել սահմանապահ միաւոր մը, որ պիտի բաղկանայ վերոյիշեալ կազմակերպութեան անդամներէն։ Այս իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են Անգարայի անհանգստութեան եւ համապատասխան հակազդեցութիւնը երէկ յանձնուած՝ ամերիկացի հաւատարմատարի նկատառման։

Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը «Հիւսիսային բանակ» անուանած է այս խմորումը, որու շրջանակներէն ներս ամերիկեան կողմը այդ զօրքին կը տրամադրէ զէնք ու կը կազմակերպէ մարզումները։ Թուրքիան ալ ներկայիս այս բոլորի լոյսին տակ արտայայտած է իր անհանգստութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018