ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՆՈՐ ԵՐԳԸ. «ՄԵՆՔ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿՈՎ»
«Վերջին հսկան չեմ, սակայն ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ», յայտնեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Le Telegramme-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Աշխարհահռչակ մեներգիչը յայտնեց, որ երգը իր օդն է ու սիրուհին, բացի երգելէ այլ աշխատանք չի կրնար կատարել։ «Ես չեմ կրնար այլ բան մը ընել, բացի այս աշխատանքէն, ես ոչինչ գիտեմ ու չեմ ալ փափաքիր գիտնալ։ Ինչպէս կ՚ըսէ իմ կինը՝ սա իմ օդն է, իմ սիրուհին», յայտնեց Շարլ Ազնաւուր՝ պատասխանելով այն հարցման, թէ ինչպիսի՞ մոգական ուժ մը իրեն կ՚օգնէ բեմի վրայ երգելու համար։
Հարցազրոյցին ընթացքին Շարլ Ազնաւուրին հարց տրուած է, որ արդեօք կը պատկերացնէ՞ր այսքան մեծ փառքի մը տիրանալ։ Ի պատասխան՝ ան ըսած է հետեւեալը. «Ո՛չ, որովհետեւ նախ չեմ երազած այդ մասին։ Ես կը փափաքէի ընել աշխատանք մը, որ պիտի տեւէր երկար։ Փառքի գաղափարը շատ ուշ եկաւ, բայց սա ինքնանպատակ չէ, այլ պարզապէս գագաթնակէտ»։
Հարցազրոյցը վարած լրագրողը նկատած է, որ եթէ կայ ֆրանսական երաժշտութեան միայն մէկ հսկայ, ապա սա Ազնաւուրն է։ «Չափազանց ծանր չէ՞ կրել այս բանը», հարց տուած է ան։ Ազնաւուր ի պատասխան նշած է հետեւեալը. «Ես վերջին հսկան չեմ։ Միւս կողմէ, ես, առանց կասկածի, ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ։ Ես կարդացած եմ դասական շատ գրողներ՝ Լա Ֆոնթէն, Վիքթոր Հիւկօ, Մոլիէռ եւ ի հարկէ ռուս գրողներ՝ Թոլսթոյ եւ Տոսթոյեւսքի։ Անոնք հարստացուցած են զիս»։
Զրոյցի տեւողութեան Շարլ Ազնաւուր տեղեկացուցած է, որ գրած է երգ մը եւ այդ մէկը պիտի ձայնագրէ յաջորդ ալպոմին համար։ Այդ գործը կը կոչուի՝ «Մենք կ՚ապրինք ժամանակով»։