«ԿԱԶՓՐՈՄ» ԿՐՆԱՅ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾԱՒԱԼԸ

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը կրնայ նուազեցնել Հայաստանի մէջ ներդրումներու ծաւալը։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, «Քոմերսանտ» թերթը անդրադարձած է, որ «Կազփրոմ Արմենիա»ի համար կազի գինը 10 տոկոսով սղած է։ 1000 խորանարդ մեթրի փոխարէն ռուսական կազին համար սահմանուած է 165 ամերիկեան տոլար սակագին։ Նոյն թերթը կը գրէ, որ այս պայմաններուն ներքեւ ռուսական կողմը կրնայ կրճատել Հայաստանէ ներս ներդրումներու ծաւալը։ Հայաստանի կազի միակ մատակարարը «Կազփրոմ»ն է, իսկ «Կազփրոմ Արմենիա»ն անոր դուստր ընկերութիւնն է։ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները վերջերս «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութեան դէմ շարք մը քայլերու ձեռնարկած էին։ Հայաստան մատակարարուող կազի սակագնի հարցը օրակարգի վրայ եկած էր նաեւ անցեալ տարեվերջին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։ Կարգ մը աղբիւրներ ալ կը գրեն, որ Հայաստան կը պատրաստուի բնական կազ ներածել Իրանէն։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019