ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երեւանի Օփերային մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, դեկտեմբերի 9-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ընտրուած երեսփոխանները յատուկ արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամներուն ներկայութեամբ յանձնուեցան պատգամաւորներու վկայականները։ Խորհրդանշականօրէն երեսփոխանները ընտրողներու ձեռամբ ստացան վկայականները։ Այս առթիւ շնորհաւորական խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան եօթներորդ գումարման Ազգային ժողովը անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երկուշաբթի՝ 14 յունուարին։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019