ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հարցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը մասնաւորապէս կանգ առաւ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Ես կ՚ուզեմ առանձնայատուկ անդրադառնալ Սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ կը կարծեմ, թիւր տպաւորութիւն մը ստեղծուած է, թէ մենք կ՚ուզենք խաչ քաշել Սփիւռքի նախարարութեան վրայ։ Ընդհակառակն, տուեալ պարագային ալ խնդիրը շատ յստակ ձեւակերպուած է՝ սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ եւ այս առումով մենք ունինք որոշ ձեւ ու առաջարկ։ Սա կ՚ենթադրէ, որ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մակարդակը, ըստ էութեան, ո՛չ թէ նուազեցուի, այլ՝ բարձրացուի։ Այդ մոտելի վերաբերեալ յառաջիկային քննարկումներ կ՚ունենանք նաեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ։

Նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ այս հարցին վերաբերեալ կը հասնին ընդհանուր համաձայնութեան մը եւ կը գոյանայ քոնսենսիւս մը։ Ան շարունակեց. «Կրկին կ՚ըսեմ, որ այստեղ մեր խնդիրը յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է, որպէսզի փոխադարձաբար գոհ ըլլանք թէ՛ ընթացքէն եւ թէ արձանագրուած արդիւնքներէն։ Մենք, ի հարկէ, կ՚ընթանանք հետեւողական, հաստատուն եւ մտածուած քայլերով։ Համոզուած եմ, թէ արձանագրուած լուծումները պէտք է ապացուցանեն իրենց կենսունակութիւնը եւ, ի հարկէ, պէտք է գոհացնեն այն մարդիկը, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի մէջ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներով եւ այդ մէկը կը համարեն իրենց լուծելիք խնդիրը»։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019