GETTY ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԸ ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒՑԱԾ Է ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՇՈՒՐՋ 6 ՀԱԶԱՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ

Getty Research Institute-ը թուայնացուցած է Օսմանեան ժամանակաշրջանի աւելի քան վեց հազար լուսանկարներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր։ Ֆրանսացի մասնագէտ Փիէռ տը Ժիկորի հաւաքածոյին մաս կը կազմէին վերոյիշեալ տեսանիւթերը, որոնք Getty Research Institute-ի կողմէ զետեղուած են համացանցի վրայ։ Այժմ այդ բոլորը հասանելի դարձած են համապատասխան ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող մասնագէտներու համար։

Այս թուայնացման ծրագիրը կեդրոնացած է 19-րդ դարէ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտի ժամանակաշրջանին վրայ։ Նկարներուն մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն գերմանացի զինուորականի մը լուսանկարները, որոնք նուիրուած են «Սիրելի Փոլինին»։ Այդ գերմանացի զինուորականի անունը յայտնի չէ։ Յիշեալ լուսանկարները միեւնոյն ժամանակ կու գան փաստել գերմանական բանակի Թուրքիոյ տարածքէն ներս ներկայութիւնը՝ 1915-ի ժամանակաշրջանին։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019