ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի (AKM) նոր համալիրի հիմնադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Սա վերաշինութեան հսկայական ծրագիր մըն է, որ վերջին տարիներուն միշտ զբաղեցուցած է երկրի օրակարգը։ Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է։

Արարողութեան ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ երկիրը միջակութիւններու դատապարտուած պիտի չըլլայ՝ մշակոյթի եւ գեղարուեստի ոլորտներուն մէջ։ Այս առումով նոր AKM-ն խաղաղութեան յուշարձանի մը պիտի վերածուի։

Իր խօսքին մէջ նախագահը տեղեկացուց, որ AKM-ի շինարարութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի աւարտի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, AKM-ի նոր համալիրը պիտի ըլլայ բազմակողմանի կեդրոն մը, որ պիտի ընդգրկէ օփերայի, համերգներու եւ թատերական ներկայացումներու համար դահլիճներ, շարժանկարի սրահներ, գրադարան, զանազան խանութներ, սրճարաններ եւ ճաշարաններ։ Սա իսկական կեդրոն մը պիտի ըլլայ երկրի մշակութային ու քաղաքական կեանքին համար։ Ծրագրի հետամուտները այժմէն կը յայտնեն, որ նոր AKM-ն պիտի դառնայ քաղաքի բնակիչներու նոր համախմբման վայրը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019