ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Երեւան, ուր Զուրաթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։

Այս առաւօտ ալ, Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան զինուորական արարողակարգով ընդունեց բարձրաստիճան հիւրը, որ օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020