«ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ» ԿԱՅՔԷՋԸ ՆՈՐՈՎԻ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերն այսօր» լրատուական կայքէջի նոր տարբերակի շնորհանդէսը։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր այս անուանումով սփիւռքին ուղղեալ լրատուութիւն կը կազմակերպուի Երեւանէն։ Վերջերս «Հայերն այսօր»ը նոր ձեւաչափով մը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ երէկ այդ նոր տարբերակին համար կազմակերպուած է ծանօթացման հաւաքոյթ մը։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին առընթեր «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»ի՝ ՊՈԱԿ-ի սփիւռքի բաժնէն ներս կը գործէ այս կայքէջը, որու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ «Քոնկրես» պանդոկի համալիրէն ներս։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի, երիտասարդութեան հարցերու եւ սփիւռքի գծով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան, որ մօտաւոր անցեալին միջոց մը վարած էր սփիւռքի նախարարի պաշտօնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021