ԱՄԻՍՆԵՐ ԱՆՑ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ։ Պայտըն պաշտօնի կոչուելէ վերջ այսպէսով առաջին անգամ շփուեցաւ իր չինացի պաշտօնակցին հետ։ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ մրցակցութիւնը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ նոյնիսկ հակամարտութեան վտանգաւոր հաւանականութիւններ օրակարգի վրայ կու գան՝ մտահոգելով ամբողջ աշխարհը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նախագահ Պայտըն հեռախօսազրոյցի ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է՝ կապուած Չինաստանի հարկադրական եւ անարդար տնտեսական գործունէութեան, Հոնկ Քոնկի առկայ բռնութիւններուն, Սինցզեան քաղաքէ ներս մարդու իրաւանց ոտնահարումներուն, տարածքաշրջանէ ներս աւելի ու աւելի ակրեսիւ գործողութիւններուն հետ՝ ներառեալ Թայուանի պարագան։ Սպիտակ տան աղբիւրներու այս հաղորդումները կը բիւրեղանան այն համայնապատկերին վրայ, ուր ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւնները էապէս վատթարացած էին շարք մը տնտեսական ու քաղաքական խնդիրներու հետեւանքով։

ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ քորոնաժահրի համաճարակին համար ալ մեղադրած էր Չինաստանը։ Անցեալ տարուայ մարտէն ի վեր երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ որեւէ շփում տեղի չէր ունեցած։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021