ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Հայաստանի մէջ քաղաքական տագնապը կը շարունակէ մնալ առկայ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ յարատեւ բողոքի ցոյցերով հանդէս կու գայ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով, ինչ որ երկրէն ներս համատարած ակնկալութեան վերածուած է։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ներկայացուցիչները Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ լարած են վրաններ եւ կառավարութեան շէնքին դիմաց շարունակ ցոյցեր կը կատարեն։

Կը հաղորդուի, որ երկրի նախկին նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վրանը, որ լարուած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Նախկին նախագահը, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, անմիջական զրոյց ունեցաւ ընդդիմադիր ցուցարարներուն հետ։

Կուսակցական աղբիւրները նաեւ զանազան լուսանկարներ հրապարակեցին Սերժ Սարգսեանի այս այցելութենէն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021