ԿԱՆԽԵԼ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍ ՎՏԱՆԳԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման տագնապին շուրջ։ Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարարութեան վերջին զգայացունց հրապարակումներուն յաջորդած արձագանգներու մթնոլորտին մէջ Երեւան դարձեալ տեղեկացուց, որ պատերազմէ վերջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Օտրի Ազուլէի կողմէ առաջարկուած՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի փաստահաւաք առաքելութեան մը իրականացումը կը համարուի առաջանահերթ ու հրատապ։ Հայաստան կը սատարէ այդ առաքելութեան՝ հնարաւորինս արագ կեանքի կոչուելուն՝ «Զինեալ հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Լախէյի պայմանագրին ու անոր յարակից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ երէկ այս հարցին շուրջ կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը, ըստ որու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգէն պաշտպանելու համար։ Հայկական յուշարձաններու դէմ արդէն իսկ արձանագրուած են վանտալիզմի դէպքեր։ Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ օրեր առաջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ինքնութիւնը խեղաթիւրելու ուղղեալ աշխատանքային խումբի մը ստեղծման ազդարարութիւնը կատարուած է։ Այս բոլորը կը փաստեն, որ վտանգը առաւել քան իրական է։ «Դէպի Երեւան եւ Պաքու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պատուիրակութեան այցելութեան առաջարկը կը դիտարկենք բացառապէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ առաջարկուած վերոյիշեալ առաքելութեան շրջանակին մէջ», յայտնած է նախարարութեան բանբերը։

Միւս կողմէ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստան ներկայիս ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Արմէն Գրիգորեան եւ Սթանիսլաւ Զաս քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրավիճակը։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022