ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանի պետական աւագանին շաբաթավերջին ցաւակցականներ հրապարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման կապակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատգամներով հանդէս եկան՝ արտայայտելով իրենց ցաւը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հեռագրին մէջ նշուած է հետեւեալը.

Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան։

Տասնամեակներ շարունակ Մասրոպ Արք. Մութաֆեան ուսերուն կը տանէր իր ժողովուրդին եւ հաւատքին ծառայելու խաչը։ Ան ոչ միայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւորներէն էր, այլեւ, որպէս Պոլսոյ հայոց 84-րդ պատրիարք, Հայաստանէ դուրս գտնուող մեր հոգեւոր սիւներէն մին, որու վրայ կը յենուր ամբողջ ստուարաթիւ համայնք մը՝ իր լեզուապահպանութեան ու հաւատապահպանութեան խնդիրներով։

Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան քրիստոնէական հաւատքի նուիրեալ մըն էր, որ հոգեւոր յանձնառութիւնը վերածեց սրբազան պարտքի առ ժողովուրդ եւ առ Աստուած։ Ան պոլսահայ համայնքի նոր պատմութեան անբաժանելի մասն էր։

Ջերմութեամբ կը յիշենք մեր հանդիպումները Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, մեր զրոյցները Հայոց Եկեղեցւոյ եւ մեր պատմութեան շուրջ։

Այս ծանր կորուստի կապակցութեամբ անկեղծօրէն կը ցաւակցինք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, միաբանութեան, Կրօնական ժողովին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն եւ համայն Թուրքիոյ հայութեան։

Իմ խորին վշտակցութիւնը կը յայտնեմ նաեւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հարազատներուն ու մերձաւորներուն։

*

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցականին մէջ նշեց հետեւեալը.

Խոր վշտով տեղեկացայ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահը։

Որպէս հոգեւոր առաջնորդ ան իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքի շարունակական աշխուժացման ու Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի ամրապնդման ու միասնութեան գործին մէջ։

Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան բարձր հեղինակութիւն վայելած է իր գործունէութեամբ եւ շատերու յիշողութիւններուն մէջ կը մնայ որպէս իր առաքելութեան անմնացորդ նուիրուած հոգեւոր առաջնորդ։

Իմ խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ Մութաֆեան Պատրիարքի հարազատներուն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին եւ հայկական համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2019