ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՏԱԼԻ ԵՒ ՓԻՔԱՍՕ»

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շատ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուած է «Տալի եւ Փիքասօ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 ապրիլ։ Այս երկու հանճարեղ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին սոյն ձեռնարկի ծիրէն ներս։ Սալվատոր Տալիի եւ Փապլօ Փիքասոյի թիւով 260 ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին այցելուներուն։ Անոնց շարքին կը գտնուին քանդակներ, գծագրութիւններ եւ խեցեղէններ։ Բոլոր նմոյշները «Ազգերու արուեստ» հիմնադրամի նախագահ Ալեքսանտր Շատրինի անձնական հաւաքածոյէն առնուած են։ Ան միեւնոյն ժամանակ ցուցահանդէսի մեկենասն է։

Ցայսօր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ ներկայացուած է այս ցուցահանդէսը։ Նման մշակութային իրողութիւն մը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կարելի եղած է ապահովել՝ շնորհիւ Երեւանի «Մոսկուայի տուն» մշակոյթի կեդրոնի եւ Ազգային պատկերասրահի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Շատրինի ջանքերով 15 տարուան ընթացքին կազմուած է ներկայացուած հաւաքածոն, որ իր ծաւալով աշխարհի չորրորդն է անձնականներու շարքին։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Տալի եւ Փիքասօ իրերամերժ կերպարներ են, սակայն միաւորուած են շնորհիւ իրենց հանճարին եւ ազգային պատկանելիութեան։ Իր կարգին, ցուցահանդէսի համակարգող Մարիամ Դաւթեանն ալ դիտել տուաւ, որ Փիքասօ եւ Տալի կերպարուեստի պատմութեան առանցքային դէմքերէն կը հանդիսանան, սակայն անոնց միջեւ կար մրցակցութիւն մը։ Իր խօսքով՝ այս ցուցահանդէսը յատկանշական երկխօսութիւն մըն է այս երկու աշխարհահռչակ սպանացիներուն միջեւ։ Առաջին անգամ անոնց գործերը կը ներկայացուին հասարակաց հարթակի մը վրայ, ինչ որ եզակի երեւոյթ մըն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020