ԿԱՆԱՉ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութիւնը կը խորանայ զանազան առանցքներու շուրջ։ Այս շրջանին երկրէն ներս կեանքի կը կոչուի գիւղատնտեսութեան բնագաւառի մէջ ԵՄ-ի կողմէ գանձատրուած ամենամեծ աջակցութեան ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի երեք մարզերու մէջ ԵՄ-ի աջակցութեամբ կը խթանուի կանաչ գիւղատնտեսութեան զարգացումը։

Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ պաշտօնապէս սկսած է Եւրոպական Միութեան կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութեան ծրագիրը, որ կ՚իրագործուի Եւրոպական Միութեան եւ Աւստրիական զարգացման գործակալութեան նիւթական համատեղ աջակցութեամբ:

«Այս ծրագիրը շատ վառ ծրագիր է, որուն միջոցով կրնանք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ լուրջ փոփոխութիւններ ունենալ։ Մենք կը խրախուսենք կայուն, բնական արտադրանքը։ Այս ծրագիրը կ՚օգնէ բնապահպանութեան, շրջակայ միջավայրի զարգացման, կ՚ապահովէ սնունդի անվտանգութիւնը, նաեւ բաւական մեծ թիւով աշխատանք կը ստեղծէ», ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորին:

Ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 11.7 միլիոն եւրօ: Անոր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան համապատասխան պետական կառոյցներուն արհեստագիտական աջակցութիւնը եւ շահագրգիռ կողմերու կարողութիւններուն զարգացումը՝ կանաչ, ներառական եւ արդար գիւղատնտեսութեան զարգացում ապահովելու համար: Ծրագրի մեծ բաղկացուցիչ մասերէն է անմիջականօրէն հողամշակներուն, արտադրողներուն եւ վերամշակողներուն դրամաշնորհներու տեսքով արհեստագիտական աջակցութեան տրամադրումը: Անտրէա Վիքթորին նշած է, որ ծրագիրը պիտի իրագործուի Հայաստանի երեք մարզերու մէջ, որովհետեւ այդպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի ճշգրիտ հետեւիլ արդիւնքներուն:

ԵՄ-ի կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութեան ծրագիրը պիտի իրագործուի մինչեւ 2023 թուականի մարտը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020