ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի Խոաքին Քափարոս։ 64-ամեայ Խոաքին Քափարոս նախապէս մարզած էր Սպանիոյ «Սեւիյյա» նշանաւոր ակումբը։ Բաց աստի, ան նախապէս մարզած է «Աթլեթիքօ Պիլպաօ», «Վիարէալ», «Տեփորթիվօ», «Լեւանթէ», «Կրանատա» եւ «Օսասունա» ակումբները։ Խոաքին Քափարոս եղած է «Սեւիյյա»ի գլուխը ամենաերկար ժամկէտով մարզադաշտ դուրս եկած մարզիչը, իբր այդ անցեալ տարի նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ պարգեւատրուած է ոսկէ շքանշանով։

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախորդ մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան 12 փետրուարին հրաժարած էր իր պաշտօնէն։ Այդ թուականէն ի վեր Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը որոնումներու մէջ էր՝ նոր մարզիչի մը հետ համաձայնութեան հասնելու համար։ Այժմ, որոշուած է հայկական ֆութպոլի ընտրանիին պատասխանատուութիւնը յանձնել Խոաքին Քափարոսին, որու հետ պայմանագիր կնքուած է մինչեւ 30 նոյեմբեր 2021 թուականը։

Ներկայ ամսուան մէջ հայկական հաւաքականը բարեկամական մրցումներ պիտի ունենայ Էօզպեքիստանի եւ Ղազախիստանի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուելէ վերջ Քափարոս ըսաւ. «Հայաստանի ընտրանին գլխաւորելը բարդ, բայց հաւասարակշռուած որոշում էր։ Կը փափաքէի դարձեալ վերադառնալ իմ մասնագիտութեան»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020