Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուստինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետներու հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան Կապան քաղաքի մէջ հանրահաւաքի մը կը մասնակցէր։
Երկու վարչապետները քննարկեցին համաշխարհային շուկայէ ներս տնտեսութեան մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ համապատասխան գործընթացներու կապակցութեամբ Երեւանի եւ Մոսկուայի կողմէ առնուելիք քայլերը։
Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020