«ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԷ ՇԵՂԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅԼԵՒՍ ԵՐԲԵՔ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ»

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ տագնապալի կացութեան շուրջ։ Ան այս առթիւ հերթական անգամ սուր քննադատութեան թիրախ դարձուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Ներքին քաղաքական տագնապալի իրադրութեան մէջ Տէր-Պետրոսեան եւ իր կողմէ գլխաւորուած քաղաքական ուժը երկար ժամանակէ ի վեր լռութիւն կը պահէին։ Այդ լռութիւնը վերջին օրերուն որոշ չափով դադրեցաւ, երբ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր գնահատանք յայտնեց Հայաստանի զինեալ ուժերուն նկատմամբ՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հարցին կապակցութեամբ։ Տէր-Պետրոսեան բացայայտօրէն յայտնած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կրած խայտառակ պարտութեան պատասխանատուութիւնը բանակին վրայ բարդելու փորձ մը ըրած է եւ այդ հիման վրայ հասկնալի որակած էր զինեալ ուժերու հրամանատարութեան կողմէ ցոյց տրուած հակազդեցութիւնը, Փաշինեանի հրաժարականին պահանջումը։ Նկատի ունենալով, որ զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկուան դրութեամբ երկրի դատական իշխանութիւններու օրակարգին վրայ բերաւ իր ենթարկուած վերաբերմունքը, առանց իրաւական ու սահմանադրական ճանապարհէ շեղելու՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դարձեալ անդրադարձաւ այս հարցին, դարձեալ շատ սուր քննադատութեան ենթարկելով Փաշինեանը։ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ երէկ հրապարակուեցաւ առաջին նախագահին հրապարակումը, որու վերնագիրն է՝ «Ո՛չ այնքան պահու, որքան հեռանկարի խնդիր»։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խորհրդածութիւնը։

*

Անգամ մը եւս գնահատելով բանակի զսպուածութիւնը ընդդիմութեան կողմէ զինքը քաղաքական գործընթացներու ներքաշելու ճնշումներուն փոխարէն, ես միեւնոյն ժամանակ կ՚ողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի որոշումը՝ իր պաշտօնանկութեան խնդիրը իրաւական ճանապարհով վիճարկելու հարցին մէջ։

Կ՚ուզեմ ընդգծել նաեւ, որ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակի բուն եւ միակ պատճառը երկիրը ղեկավարելու իր առաքելութեան մէջ լիովին ձախողած եւ մեր ժողովուրդը ստորնացուցիչ պարտութեան մատնած անձի հիւանդագին կառչածութիւնն է սեփական աթոռէն, ինչ որ յղի է մեզի վիճակած նորանոր եւ շատ աւելի ցաւալի վտանգներով։

Ասով հանդերձ, արդէն քանիերորդ անգամ հարկադրուած եմ կրկնել, որ իշխանափոխութեան հարցը պէտք է լուծուի բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով. բան մը, որու նախապայմանը իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ փոխարդարձ զիջումի անյապաղ կայացումն է։ Այս հնարաւորութիւնը թերեւս սպառած չեմ համարեր, որովհետեւ հակառակ իր կոշտ հռետորաբանութեան, ընդդիմութիւնը առայժմ կարմիր գիծերը չէ հատած։ Սահմանադրական ճանապարհէն շեղելու պարագային Հայաստան այլեւս երբեք բնականոն եւ արժանապատիւ պետութիւն մը դառնալու հնարաւորութիւնը պիտի չունենայ։

Այնպէս որ՝ ներկայ իրավիճակի հանգուցալուծումը ո՛չ միայն եւ ո՛չ այնքան պահու, որքան հեռանկարի խնդիր է։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021