ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԵՒ ՇՈՅԿՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՐԴԷՆ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Արժեւորուեցաւ տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։ Յարութիւնեան եւ Շոյկու կանգ առին նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու կացութեան վրայ։

Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին սա Յարութիւնեանի եւ Շոյկուի արդէն երրորդ հեռախօսազրոյցն է։ Շփումներու այս խտացումը տեղի կ՚ունենայ՝ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌՈՒՏԵՆՔՕ

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն ալ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Ռուսական կողմը շաբաթներէ ի վեր Հայաստանի դէպքերը կ՚որակէր երկրի ներքին գործը։ Ռուտենքօ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի իրավիճակը փութով կը կարգաւորուի։ Մոսկուա կը յուսայ նաեւ, թէ Երեւանի առկայ վիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան պատճառ չի դառնար։

«Մենք տեղի ունեցածը կը դիտարկենք՝ որպէս Հայաստանի ներքին գործը ու չենք միջամտեր այդ գործընթացներուն եւ որեւէ կողմի չենք աջակցիր։ Կ՚ուզենք, որ իրավիճակը հնարաւորինս արագ կայունանայ։ Բոլորը կը շահին այս բանէն՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորումը», ըսաւ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ։

Ռուտենքոյին հարց տրուեցաւ նաեւ, թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը կրնա՞յ պատճառ դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր լարուածութեան։ Ի պատասխան՝ Ռուտենքօ ըսաւ. «Մարդիկ, որոնք այդ բանով կը զբաղին, սխալ կը հաշուարկեն հաւանական բոլոր վարկածները»։

Ռուս փոխ-նախարարը աւելցուց, որ Մոսկուա կը շարունակէ կապի մէջ մնալ Երեւանի հետ՝ դեսպանատան եւ այլ խողովակներու միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021