ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԶՐՈՒՑԵՑ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Անթալիայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Անթալիա եւ նախարարը օդակայանէն դուրս գալէ վերջ անմիջապէս տեսակցեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան հարուստ օրակարգին, քննարկեցին դաշնակցային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին, բարձրագոյն մակարդակներու վրայ շփումներու աշխուժութեան կապակցութեամբ։
Նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի, ԱՊՀ-ի եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ համագործակցութեան սերտացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի յաջորդած իրավիճակին մէջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի յայտարարութիւններու նախատեսած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին։ Կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման խաղաղ բանակցութիւններու լիարժէք վերսկսումը։
Արարատ Միրզոյեան իր ռուս պաշտօնակցին ներկայացուց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հրադադարի շարունակական խախտումներու եւ սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ կարեւորելով լարուածութեան թուլացումը եւ դէպքերու կանխման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը։
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը այս օրուընէ սկսեալ կը մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Նախատեսուած է, որ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վաղը օրուան երկրորդ կէսին վերադառնայ Երեւան։
Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով Անթալիայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ նոյնպէս այնտեղ կը գտնուի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու համար։ Կը հաղորդուի, որ Լաւրով եւ Պայրամով քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման գործընթացի մեկնարկին վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակից նախարարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի աշխատանք տարուի Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային հարթակի երրորդ հանդիպման շուտափոյթ կազմակերպման ուղղութեամբ։
Մինչ այդ, Անթալիայի մէջ տեղի ունեցած Լաւրով-Պայրամով զրոյցին առընթեր, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ալ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Երկու ղեկավարներու տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Չանքայայի ապարանքին մէջ։