ԺԵՐԱՐ ՏԵՓԱՐՏԻԷՕԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ

Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ միջոցառման կազմակերպիչներու խօսքով՝ Ժերար Տեփարտիէօ վաղուց կ՚երազէր աշխատիլ Վիսոցկիի թեքստերով։ 1970-ական թուականներուն դերասանը համաձայնած էր առանց վճարումի խաղալ Վիսոցկիի բեմագրութեամբ «Վիեննական արձակուրդներ» ժապաւէնին մէջ։ Երաժիշտի մահը արգելք հանդիսացաւ այդ ծրագրերուն։

Վիսոցկիի յոբելեանին նուիրուած միջոցառումները սկսած են 2017 թուականի Նոյեմբերին Խրիմի մէջ, «Վիսոցկիի ճանապարհները» ներկայացմամբ։ 2017 թուականի Օգոստոսին Վիսոցկին, «Ֆորպս» հանդէսի ռուսական խմբագրութեան վարկածով, տեղ գտած է վերջին 100 տարուան ընթացքին ամենաազդեցիկ ռուսաստանցիներու հնգեակին մէջ։

Վլատիմիր Վիսոցկի ծնած է 1938 թուականի Յունուարի 25-ին։ Երաժիշտը, ըստ տարբեր գնահատումներու, գրած է շուրջ հազար երգ։ Ան նաեւ խաղացած է թատրոնի եւ շարժանկարի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018