ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԷԼԸՆ ՏԱՆՔԸՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը՝ Եդուարդ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց նոր նախագահի երդման արարողութեան բերուած ներկայութեան համար։ Ան նշեց, որ հանդիպումը լաւ առիթ մըն է քննարկելու համար հայ-անգլիական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, անդրադառնալու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Էլըն Տանքըն ուրախութիւն յայտնեց, որ անցեալ Սեպտեմբերին Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութենէն վերջ կրկին առիթ մը ներկայացած էր Հայաստանի մէջ գտնուելու համար։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս այցը եւս կը նպաստէ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացման։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շարք մը ուղղութիւններուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան առեւտրատնտեսական կապերու խթանման շուրջ։ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլըն Տանքըն քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային նշանակութեամբ շարք մը հրատապ խնդիրներ։

Եդուարդ Նալպանտեան Տանքընին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը։

Բաց աստի, Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ համատեղութեան կարգով Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Այս վերջինները եւս Երեւանի մէջ մասնակցութիւն բերին նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան։ Ողջունելով դեսպանները՝ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի տեսակէտէ կարեւոր այս իրադարձութեան բերուած մասնակցութեան համար։ Ան ներկայացուց նաեւ երկրի սահմանադրական փոփոխութիւնները, կառավարման նոր համակարգը եւ ձեռնարկուած բարեփոխումները։

Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։ Նալպանտեան խօսեցաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ ուղղութիւններուն շուրջ։ Ան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով՝ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու կողմէ գործադրուող համատեղ ջանքերը։

Տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային զարգացումները, առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղիները եւ փախստականներու շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ անոնց խնդիրներու լուծման ուղղեալ ջանքերով հանդերձ։

Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը եւ այդ շրջանակներէն ներս իրականացուելիք ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018