ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԻ ՄԷՋ
Ռուսահայ հռչակաւոր գործարար Սամուէլ Կարապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ կալուածներու շուկաներէն ներս շուրջ 5 միլիառ տոլար հարստութիւնով միջազգային համբաւ ձեռք բերած ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի Ace զբօսանաւը Յունաստանի Սանթորինի կղզիէն երէկ առաւօտեան ժամերուն մօտեցաւ Պոտրում։ Կարապետեանի զբօսանաւը խարսխեց Եալըքավաքի ծոցին մէջ։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ան զբօսանաւէն դուրս գալով անցած է շրջանի հինգաստղանի պանդոկներէն մին, ուր տեսակցած է ռուս գործարարներու հետ։
Կը նախատեսուի, որ Սամուէլ Կարապետեանի զբօսանաւը Պոտրումի մէջ մնայ երկու օր եւ աւելի վերջ անցնի Ռոտոսթօ։