ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս այս շրջա­նին հա­մա­կարգ­ման աշ­խոյժ աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին ըն­թա­ցիկ ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին նիս­տը։ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յե­րու ըն­կե­րա­յին ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րուն շուրջ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ զե­կու­ցում մը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­նե­ցած շփում­նե­րուն շուրջ՝ գաղ­թա­կա­նաց հա­մար ա­ջակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին նշուե­ցաւ, թէ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի դէ­պի Հա­յաս­տան մօ­տա­լուտ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած է տե­սակ­ցու­թիւն մը գաղ­թա­կան­նե­րուն հետ, ուս­տի յա­ւուր պատ­շա­ճի պէտք է կազ­մա­կեր­պել այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Մինչ այդ, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յա­ռաջ կը տա­նի նաեւ «Ա­րի տուն» ծրագ­րին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը, ո­րու շրջագ­ծով սփիւռ­քա­հայ պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ դար­ձեալ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուին Հա­յաս­տա­նի մէջ, ամ­րան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն։ Հարկ է նշել, որ այս տա­րուան «Ա­րի տուն»ը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016