Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Փարիզ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։ Նախատեսուած են նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումները ֆրանսացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Միւս կողմէ, Փարիզ մեկնելէ առաջ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016