ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մէկ կողմէ ալ այս պայքարին զուգահեռ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցարդ հաստատուած սահմանափակումները կը մեղմացուին խիստ վերապահութիւններով։ Կեանքի աստիճանական բնականոնացման այս գործընթացն ալ կը զուգորդուի հերթական հարցականներով։ Աշխարհի բոլոր երկիրները կը ջանան ուղղութիւն մը գտնել՝ հակասական տուեալներու մթնոլորտին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, միջազգային բեմահարթակի վրայ վերջնական ներդաշնակութիւն մըն ալ չի նկատուիր՝ հակառակ ստեղծուած ծանր կացութեան։

Արեւմուտքի մէջ ստեղծուած պատկերը բաւական անորոշ է։ Մէկ կողմէ առօրեան աստիճանական բնականոնացման հունի մէջ կը դրուի, իսկ միւս կողմէ օրակարգի վրայ կը մնան մտահոգիչ տուեալները։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Գերմանիայէն հասած վիճակագրական տուեալները։ Արդարեւ, Գերմանիոյ մէջ քորոնաժահրի ծաւալման թափը միջին հաշուով հասած է 1.1 վարակեալի։ Վարչապետ Անկելա Մերքել միջոց մը առաջ զգուշացուցած էր, որ վարակի տարածման այդ մակարդակը կրնայ կաթուածահարել երկրի առողջապահական համակարգը, որովհետեւ Գերմանիոյ հիւանդանոցները կրնան անբաւարար մնալ։ Գերմանական շարք մը լրատուամիջոցներ ալ մեղադրանքներ կը հասցէագրեն Չինաստանին եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան՝ քորոնաժահրի համաճարակին կապակցութեամբ տուեալներ թաքցուցած ըլլալուն բերումով։

Բացի Եւրոպայէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ զոհերու թիւը նոր մրցանիշներ կ՚արձանագրէ։ Իսկ Ռուսաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 200 հազարի շեմը։ Այժմու դրութեամբ, աշխարհի վրայ քորոնաժահրով վարակուածներու 43 տոկոսը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ։ Միւս ցամաքամասերու մէջ ալ մտահոգիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Լատինական Ամերիկայի մէջ քորոնաժահրի համաճարակը ամենալայն տարածումը գտած է Պրազիլի մէջ։ Նշանաւոր Մարաքանայի մարզադաշտը դաշտային հիւանդանոցի վերածուած է՝ դարմանելու համար վարակեալները։

Գիտական աշխարհէ ներս ալ բուժման միջոցներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար, պատուաստանիւթերու գիւտերու համար աշխատանքները կը շարունակուին թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իլինոյ նահանգի Հիւսիս-արեւմտեան համալսարանի գիտնականները յայտնաբերեցին էական յարաբերակցական կապ մը՝ քորոնաժահրէ բարձր մահացութեան եւ կենսանիւթ D-ի պակասի միջեւ։ Այս հանգամանքը նախապէս մատնանշուած էր նաեւ անգլիացի մասնագէտներու կողմէ։ Անոնց դիտարկումները հիմնուած էին եւրոպական քսան երկիրներու բնակիչներու արեան մէջ կենսանիւթ D-ի միջին պարունակութեան համադրութեան վրայ։ Հետազօտողները կը մատնանշեն, որ կենսանիւթ D-ն կ՚ամրապնդէ մարմնի դիմադրութիւնը ու զայն կը վերահսկէ՝ կանխելով անհրաժեշտէ աւելի աշխուժանալը, ինչ որ նոյնպէս կրնայ դառնալ վտանգաւոր։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ մէջ եւս ներկայ շաբաթը կը սկսի նման օրակարգով մը։ Առօրեան աստիճանական բնականոնացման հունի մը մէջ կը դրուի, մինչ բոլոր հարթակներու վրայ զգուշութեան կոչեր կը հնչեն ժողովուրդի համար։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուած տուեալներով, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 36 հազար 187 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1542 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ 47 հիւանդ մահացած է եւ առողջացածներու թիւը եղած է 3 հազար 211։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ այսօր տեղի կ՚ունենայ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը։ Հեռավար նիստէն վերջ պիտի հրապարակուին յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ նոր կարգադրութիւններ։ Նախագահ Էրտողան այսօր երեկոյեան ժամերուն դարձեալ ուղիղ եթերով յայտարարութիւններ պիտի ընէ։ Միջքաղաքային ելք ու մուտքերու պարագային, ամենայն հաւանականութեամբ, եւս եօթ քաղաք դառնայ հասանելի։ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու համար հաստատուած սահմանափակումներն ալ կրնան որոշ չափով ճկունացուիլ, սակայն համապատասխան որոշման համար շաբաթավերջի արդիւնքներու լոյսին տակ արժեւորում մը պիտի կատարուի։

Բաց աստի, այս շաբաթավերջին երկրէ ներս փողոց դուրս գալու արգելքը պիտի գործադրուի նոյնպէս չորս օրուայ ձեւաչափով՝ այս անգամ ընդգրկելով յառաջիկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերը եւս։ Նկատի ունենալով, որ յաջորդ երեքշաբթի պիտի նշուի 19 Մայիսի տօնը, այդ ոչ-աշխատանքային օրը պիտի միացուի շաբաթավերջի արձակուրդին՝ ընդգրկելով նաեւ միջանկեալ երկուշաբթի օրը։ Այսպէսով, չորս օրուայ նոր փողոց դուրս գալու արգելք մը պիտի գործադրուի երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ։

Նախագահ Էրտողան այս օրուան յայտարարութիւններուն ընդառաջ երէկ յայտնեց, որ սահմանափակումներու հնազանդելու պարագային քորոնաժահրը պիտի յաղթահարուի։ «Եթէ բոլորով հնազանդինք նախազգուշական միջոցներուն, ապա համոզուած եմ, թէ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին մենք աշխարհի երկիրներուն բաղդատմամբ աւելի շուտ պիտի յաղթահարենք այս խնդիրը։ Ես ալ ընտանիքիս հետ այս պահուն կ՚ապրիմ ձեզի նման։ Եթէ ձեզի նեղութիւն կը պատճառեմ, ներողութիւն կը խնդրեմ ձեր բոլորէն», ըսաւ Էրտողան։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020