ՕԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ մէջ շաբաթավերջին 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները կարողացան օդափոխութեան դուրս գալ։ Պետութեան կողմէ տարեցներուն համար տրուած թոյլտուութիւնը առիթ հանդիսացաւ երկար սպասուած զբօսանքի մը։ Թէկուզ քանի մը ժամ, սակայն շաբաթներէ ի վեր քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու դատապարտուած մարդիկ կարելիութիւն ունեցան շունչ մը քաշելու։

Այս մթնոլորտին մէջ վերակենդանացան նաեւ Իսթանպուլի հայահոծ թաղերու փողոցները։ Մեր համայնքի երէց սերունդի ներկայացուցիչներն ալ առիթէն օգտուելով որոշ ատեն մը դուրս եկան օդափոխութեան։ Թոյլտուութիւնը առիթ ընձեռեց, որ եռուզեռ ապրուի նաեւ մեր գերեզմանատուներէն ներս։ Նկատի ունենալով, որ թոյլտուութիւնը կը զուգադիպէր Մայրերու օրուան, շատեր փողոց դուրս գալու հնարաւորութիւնը օգտագործեցին այցելելու համար իրենց հոգելոյս մայրերու կամ միւս սիրելիներու շիրիմները։ Ֆէրիգիւղի փողոցներուն մէջ հետիոտններու որոշ խտութիւն մըն ալ ապրուեցաւ մայթերու վրայ։ Վերջապէս համաճարակի դէմ պայքարի զուգահեռ կեանքի աստիճանական բնականոնացման մթնոլորտին մէջ այս կարճ օդափոխութեան հնարաւորութիւնը անգնահատելի արժէք մը ունեցաւ՝ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու համար, որոնք շաբաթներէ ի վեր կը սպասէին այս կարելիութեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020