ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ նա­խըն­թաց օր կա­տա­րուած տգեղ յար­ձա­կումն ու հրկի­զե­լու փոր­ձը բո­ղո­քի ցոյ­ցով մը դա­տա­պար­տուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի մէջ։ «Ո՛չ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կո­չով ի­րա­կա­նա­ցաւ այս քայ­լար­շա­ւը, ո­րու ըն­թաց­քին պար­զուե­ցան հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան պաս­տառ­ներ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը այս առ­թիւ յի­շա­տա­կե­ցին նաեւ 24 Ապ­րիլ 2011-ին զօ­րա­նո­ցին մէջ սպան­նուած Սե­ւակ Պա­լըք­ճըն, Սա­մա­թիոյ մէջ սպան­նուած Մա­րի­ձա Քիւ­չիւ­քը, Նուհ Քէօք­լիւն եւ Պա­հա­տըր Կրամ­մե­շի­նը։ Քայ­լար­շա­ւը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ, ուր յա­նուն մաս­նա­կից­նե­րու հրա­պա­րա­կուե­ցաւ մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէր Գա­տը­գիւ­ղի մէջ վեր­ջին շրջա­նին բազ­մա­ցող ցե­ղա­պաշտ յար­ձա­կում­նե­րուն վրայ, ինչ­պէս նաեւ նա­խընտ­րա­կան եւ յե­տընտ­րա­կան շրջան­նե­րուն Տիար­պա­քը­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, յու­նա­կան սփիւռ­քի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մին հան­դի­սա­ցող Պոլ­սոյ Յոյ­նե­րու տիե­զե­րա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղեց պատ­կան մար­մին­նե­րուն, որ­պէզ­սի լու­սա­բա­նեն կա­տա­րուած յար­ձա­կու­մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015