ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ «Աւրորա» մրցանակը։ Այսպէս, 2018 թուականի դափնեկիրը դարձաւ Ռոհինճա ժողովուրդի առաջնորդ, իրաւաբան ու մարդու իրաւանց պաշտպան Չօ Լա Աուն։ Այս վերջինը «Աւրորա»ի երրորդ մրցանակակիրը կը դառնայ։

Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի պետական աւագանիէն ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018