ՄԵՆՊԻՉԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՁԳՁԳՈՒՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիսի հետ։ Երկու նախարարները տեսակցեցան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով այս տեսակցութենէն վերջ Նուրետտին Ճանիքլի զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Մասնաւորապէս Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսին շուրջ՝ ծայր աստիճան մանրամասն, շինիչ ու դրական տեսակցութիւն մը իրականացուցինք», ըսաւ նախարարը։ Բաց աստի, նախարարը յիշեցուց, որ Ճիմ Մաթիս եւ Փենթակոն լուրջ նպաստ մը բերած են Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Այդ ճանապարհային քարտէսը ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի դրուի գործադրութեան։ Ըստ Ճանիքլիի, հերթապահութիւնը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Ճանիքլի շեշտեց, որ ճանապարհային քարտէսի գործադրութեան ճանապարհին յապաղումներ եւ ձգձգումներ պիտի չըլլան։

Միւս կողմէ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Թուրք զինեալ ուժերու գործողութիւնները կը շարունակուին ահաբեկչական լծակներու դէմ։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018