ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Մոսկուա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան տեղեկացուց այս այցելութեան մասին, սակայն մանրամասնութիւններ չհաղորդեց վարչապետի ուղեւորութեան ծրագրին շուրջ։ Մոսկուայի մէջ այս Ուրբաթ նախատեսուած է Ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերեն աշխարհի շարք մը երկիրներու ղեկավարներ։

Նիկոլ Փաշինեան անցեալ ամիս Սոչիի մէջ, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այժմ, որպէս վարչապետ՝ կը պատրաստուի առաջին անգամ մեկնիլ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018