ՎԵՐԱԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ
Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած «Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ հաւաքի մասնակիցներուն։ Այս պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի համալիրէն ներս։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ժամանակ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Կը յուսամ՝ մենք կը սկսինք աշխատիլ 2020 թուականի «Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի ուղղութեամբ»։
Արմէն Սարգսեան կարեւորեց, որ Հայաստանի մէջ խօսելով աշխարհի, միւս տարածքաշրջաններու խնդիրներու, աշխարհաքաղաքական, տնտեսական խնդիրներու կամ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մասին՝ ամէն անգամ զուգահեռականներ կը տարուին նաեւ ներքին խնդիրներու հետ։ «Ինչ որ առումով մենք կը վերաբացայայտենք Հայաստանը ձեր՝ մեր ընկերներու, աշխարհի, մեր գործընկերներու տեսանկիւնէն։ Եւ սա հետաքրքրական է, որովհետեւ ես վերաբացայայտեցի Հայաստանը եւ ան հիասքանչ է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի աւարտին Արմէն Սարգսեան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան յայտնեց, որ հաւաքի մասնակիցները կը վերադառնան իրենց երկիրները՝ իբրեւ Հայաստանի լաւ բարեկամները։